2014-10-18 11:04:53

ՄԱԿ-ի` ֆԱՕ-ի Հռոմի կեդրոնին մէջ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչի միջամտութիւնը:


''Սննդառութիւնը եւ տնային հողամշակոյթը, անհատը եւ ընտանիքը առաջին պայքարողները սովի դէմ''
(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) ՄԱԿ-ի պարենամթերային եւ գիւղատնտեսական կազմակերպութիւնը ներկայացնելով 2014-ի ''սննդառութիւնը եւ տնային հողամշակոյթը'' տեղեկագիրը կընդգծէ հարկաւորութիւնը օգնութեան հասնելու շուրջ 500 միլիոն տնային հողամշակոյթով զբաղող ընտանիքներուն, որոնք` շնորհիւ իրենց արտադրութեան մարդկային ազգին կ՛ապահովեն սննդառութեան 80 տոկոսը։
Գերապայծառ Լուիճի Թրավալյինօ` ֆԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, խօսք առնելով սննդառութեան անվտանգութեան խորհուրդին առջեւ, մատնանշեց Եկեղեցւոյ դիրքին սովի եւ ընտանիքի պաշտպանութեան ի խնդիր։ Երբ կը սերտուին քաղաքականութիւններ ու ներգործութիւններու յայտագրեր էական է նկատի առնել անհատը, ընտանիքը - ըսաւ Ան։
Այսօր կը խօսուի տնային հողամշակոյթի մասին, որովհետեւ անհատը եւ ընտանիքը առաջին դերակատարներն են ու`բարգաւաճումի ռահվիրայ են հաստատեց Գերապայծառ Լուիճի Թրավալյինօ։
Իր կարգին ֆԱՕ-ի տնօրէն` Խոսէ տա Սիլվա յիշեցուց հարկաւորութիւնը արդիականացնելու տնային հողամշակոյթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.